"Վիշտը մարդկային բնական հակազդեցութիւն մըն է եւ արդիւնք՝ սիրելիի մը մահուան կամ որեւէ կորուստի։ Անիկա բարդ ու բազմաչափ ընթացք մըն է եւ իւրայատուկ՝ ամէն անհատի։ Երբ մեր կորուստի վիշտը աննկատ ձգենք, անիկա ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ մեր առողջութեան վրայ, ըլլայ մտային՝ ըլլայ ֆիզիքական, եւ կամ ալ զգացական։ Աւելին՝ այս վիճակը պատճառ կրնայ դառնալ յարաբերութիւններու խզման եւ կոտրուածութեան։ Ներկայիս, որքան ալ ցաւդ մեծ ըլլայ, եւ վիշտէ վերականգնումի գործընթացը դժուար եւ անկարելի թուի քեզի, սակայն հարկ է որ կեանքը յառաջ երթայ եւ կարողանաս նաւարկել կեանքի բոլոր փոփոխութիւններու ընդմէջէն եւ վերականգնել ինքնութեանդ լաւագոյն կարելին։ Այս իմաստով, ցաւի յաղթահարումը մեր մէջ պիտի սատարէ հոգեմտային առողջութիւն եւ ամբողջականութիւն։ Շատ յաճախ, կորուստը կու գայ եւ անհատը կը մատնէ վիշտի, անակնկալօրէն կ՚ընդհատէ անոր բնական ընթացքը եւ տակնուվրայ կ՚ընէ անոր կեանքը. հոն պարապութիւն մը կը ստեղծէ եւ մէջտեղ կը բերէ հոգեկան ցանուցիր բեկորներ։ Առաւել, անհրաժեշտ է որ վիշտի յաղթահարման աւարտին, անհատը նախ խաղաղութիւն՝ ետքը իմաստ գտնէ, անկիւնադարձային փոփոխութիւն մը ապրի, յոյսով լեցուի եւ ներքին լուսաւորում ունենայ։ Յիսուս ըսաւ.- Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի (Յովհ. 16:33). Որպէս Քրիստոնեաներ, յիշենք թէ մեր յոյսը յաւիտենական կեանքի մէջ է, ինչպէս Խօսքը կ'ըսէ.- Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ. ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան (Յայտ. 21:4)։ Այս խոստումով, մեր ցաւը կը փոխարինուի յոյսով։"				
				
				
			Bitte wählen Sie Ihr Anliegen aus.
Rechnungen
Retourenschein anfordern
Bestellstatus
Storno







